2010-04-25 13:42:49

կիրակի ապրիլ 25, 4-րդ կիրակի Յինանց` Կարմիր կիրակի։

Ընթերցում ս. Յովհաննէսի Աւետարանէն 5-րդ գլուխ 19-30 համարները։


կիրակի ապրիլ 25, 4-րդ կիրակի Յինանց` Կարմիր կիրակի։

Ընթերցում ս. Յովհաննէսի Աւետարանէն 5-րդ գլուխ 19-30 համարները։

19 Իսկ Յիսուս ըսաւ անոնց Ճշմա՛րիտ, Ճշմա՛րիտ կ'ըսեմ ձեզի Որդին ինքնիրմէ ոչինչ կրնայ ընել, հապա միայն ինչ որ տեսնէ՝` որ Հայրը կ'ընէ որովհետեւ ինչ որ ա՛ն կ'ընէ, նմանապէս Որդի՛ն ալ կ'ընէ այդ բաները։

20 Քանի որ Հայրը կը սիրէ Որդին, եւ ամէն բան ցոյց կու տայ անոր՝` ինչ որ ինք կ'ընէ։ Ասոնցմէ աւելի մեծ գործեր ալ ցոյց պիտի տայ անոր, որպէսզի դուք զարմանաք

21 որովհետեւ ինչպէս Հայրը մեռելները կը յարուցանէ եւ կեանք կու տայ, նոյնպէս ալ Որդին կեանք կու տայ՝` անոնց որ ուզէ։

22 Քանի որ Հայրը ո՛չ մէկը կը դատէ, հապա ամէն դատաստան Որդիին տուաւ

23 որպէսզի բոլորը պատուեն Որդին, ինչպէս կը պատուեն Հայրը։ Ա՛ն որ չի պատուեր Որդին, չի պատուեր Հա՛յրը՝` որ ղրկեց զայն։

24 Ճշմա՛րիտ, Ճշմա՛րիտ կ'ըսեմ ձեզի Ա՛ն որ մտիկ կ'ընէ իմ խօսքս, ու կը հաւատայ անոր՝` որ ղրկեց զիս, ունի յաւիտենական կեանքը, եւ չ'իյնար դատապարտութեան տակ, հապա անցած է մահէն դէպի կեանք։

25 Ճշմա՛րիտ, Ճշմա՛րիտ կ'ըսեմ ձեզի Ժամը պիտի այ ու հիմա ալ է, երբ մեռելնե՛րը պիտի լսեն Աստուծոյ Որդիին ձայնը եւ անոնք որ կը լսեն՝` պիտի ապրին։

26 Որովհետեւ ինչպէս Հայրը ինքնիր մէջ կեանք ունի, այնպէս ալ Որդիին տուաւ՝` որ ինքնիր մէջ կեանք ունենայ

27 նաեւ անոր տուաւ դատաստան կիրարկելու իշխանութիւն, քանի որ ան մարդու Որդին է։

28 Մի՛ զարմանաք ասոր վրայ որովհետեւ ժամը պիտի գայ՝` երբ բոլոր գերեզմաններու մէջ եղողները պիտի լսեն անոր ձայնը,

29 ու դուրս պիտի գան անոնք որ բարիք գործեր են՝` կեանքի յարութեան համար, եւ անոնք որ չարիք գործեր են՝` դատապարտութեան յարութեան համար։

30 Ես ինձմէ ոչինչ կրնամ ընել ինչպէս կը լսեմ՝` [այնպէս] կը դատեմ, եւ իմ դատաստանս արդար է որովհետեւ ո՛չ թէ իմ կամքս կը փնտռեմ, հապա անոր կամքը՝` որ ղրկեց զիս։








All the contents on this site are copyrighted ©.